
Եթէ նոյնիսկ գիտցողներէն եղած չըլլաք, անպայման լսողներէն եղած էք, երբ մէկը գորգի մը նախշերը տեսնելով կը գուշակէ անոր գաւառի պատկանելիութիւնը։ Ուրեմն գորգերն ալ ունին պատմութիւն եւ կը կազմեն մեր մշակոյթի մէկ մասնիկը։
Արդ, ֆորումի 13-րդ օրը սկիզբ առաւ «Ղարաբաղ Կարպետ» գորգագործարանի այցելութեամբ։ Մասնակիցները ծանօթացան գորգաշինութեան գործընթացին եւ օգտագործուած մեքենաներուն։ Անոնք այնտեղ աշխատողներուն հետ միասին փորձեցին բուրդի խուրձով մը գորգի մէկ կարգը հիւսել։
Ապա ունեցան լեռնագնացութիւն մը Հունոտի կիրճի մէջ։ Անոնք հասան Զոնթիկներուն, ուր գաղջ ջուրը զովացուց սրտերը եւ ջերմացուց հոգիները։
Երթեւեկի ճանապարհը խորտուբորտ էր, սակայն արժեց այդ տեսարժան վայրը վայելելու համար։
Արցախ երթալ ու չայցելե՞լ Շուշին, «Անհնար է»։ Ֆորումականները բարձրացան Շուշի։ Այցելեցին անոր նշանաւոր եկեղեցին՝ Ղազանչեցոցը, ապա բաժնուեցան խումբերու եւ այցելեցին Շուշեցի ժողովուրդի կարգ մը յարկաբաժինները, ուր զրոյց ունեցան անոնց առօրեայ կեանքին եւ ապրելակերպին մասին։ Զրոյցը առիթ ընծայեց, որ մասնակիցները ծանօթանան Շուշիին եւ շուշեցի ժողովուրդին պատմութեան եւ աշխարհագրութեան գիրքերէն դուրս։ Անոնք աւելի ոգիին ծանօթացան, քան տարրին։
Իսկ գիշերը ունեցան ընկերային պահ եւ ընթրիք Շուշիի մէջ, ապա հանրակառք բարձրանալով իջան իրենց կեցութեան վայր մայրաքաղաք Ստեփանակերտ։