
Եւ վերջապէս. Ֆորումի 15-րդ եւ վերջին օր
Յուզումնախառն էր առաւօտը, Ստեփանակերտի մէջ երկինքը նոյնիսկ տեղատարափ արցունք կը թափէր։ Բոլորը իրենց ճամպրուկները առած՝ բարձրացան հանրակառք։
Վերադարձ Երեւան. Ֆորումականները սակայն ունէին այցելելիք վայրեր։ Անոնք «Տաթեւեր»ով հասան Տաթեւի վանքը՝ հնամեայ մեր կաճառը։ Ապա վերադառնալով հոնկէ՝ ճամբայ ելան դէպի Նորավանք։ Ժայռերու մէջէն անցնելով, հասան այնտեղ, ուր նկարուելու էին իրենց վերջին նկարները։
Իրիկուան արդէն խումբը հասած էր Երեւան։ Անոնք խմբովին ունեցան իրենց «Վերջին ընթրիքը» եւ վերջին նկարը։
Ֆորումականները գիրկընդխառն ճամբեցին իրար, սակայն բոլորն ալ դարձեալ միանալու, տեսնուելու եւ հաղորդակցական կապը ամուր պահելու յոյսով եւ խոստումով։
Անոնք անգիտակցաբար լաւ ժամանակ անցընելով՝ չէին գիտեր, որ յիշատակներ կը կազմէին։ Յիշատակներ, որոնք պիտի յիշուին ամէն անգամ, երբ յիշուին լաւ օրերը եւ ամէն անգամ երբ իւրաքանչիւրը այցելէ հայրենիք, իր բնութիւնն ու տեսարաժան վայրերը։