
Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի կէսօրին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան դիւանը հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացած տնօրէն Արա Խզմալեանէ, Վահէ Թորոսեանէ, Գուրգէն Գասապեանէ եւ Միհրան Մինասեանէ: Անոնք Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին 2018 թուականին, Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի առիթով 27 ձեռագիր մատեաններու նուիրատուութեան համար։ Ձեռագիր մատեաններու լաւագոյն կեդրոնը Հայաստանի մատենադարանն է, առ այդ օրուան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով հանդիսութեամբ մը այդ ձեռագիրները յանձնուեցան Մատենադարանին։
Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Ճեմարանի գրադարանը, ուր կը պահուին աւելի քան 40.000 անուն գիրք, մամուլի հաւաքածոն եւ հնատիպ մեծաթիւ գիրքեր։
Անոնք բարձր գնահատեցին Համազգայինի աշխատանքը, եւ Կեդրոնական Վարչութեան հետ քննարկուեցան համագործակցութեան եզրերը։
Յայտնենք, որ Համազգայինի մամուլի հաւաքածոյի թուայնացման ցանկը տրամադրելի է Համազգայինի կայքէջին վրայ։