Ֆորում

Ֆորումի երկրորդ օր.
Օրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելութեամբ։ Մասնակիցները ծանօթացան մեր հայրենիքին հարուստ պատմութեան եւ ինքնատիպ մշակոյթին, որմէ ետք խումբը այցելեց Եղիշէ Չարենցի կամարը։ Ինչպէս Չարենց կը սիրէր այս վայրի ցնցող տեսարանը, Ֆորումականներն ալ պահ մը վայելեցին դէպի Արարատի գիրկը բացուող յիշարժան տեսարանն ու բոյրը։
Կէսօրին, մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու մեր միակ հեթանոսական տաճարը Գառնիի մէջ. անոնք նաեւ հիւրընկալուեցան Գառնիի կանաչազարդ տան մը մէջ՝ ճաշելու։ Մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու նաեւ Գառնիի «Քարերու Սինֆոնեա»-ի ակնթարթ գեղեցկութիւնը, ապա ուղղուեցան դէպի Գեղարդ։ Գեղարդի բնութեան աղօթքով ու օրհնութեամբ մասնակիցները վերադարձան մայրաքաղաք։