ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Ներսոյի «An abstract love affair» խորագրեալ ցուցահանդէսին, կազմակերպուած՝ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Ցուցահանդէսի յանձնախումբին կողմէ։ Հակառակ կլիմայի աննպաստ պայմաններուն, մեծ թիւով ներկաներ առիթ ունեցան վայելելու արուեստի գործերը եւ մտերմիկ երեկոյ մը անցընելու գեղանկարիչին հետ։ Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ նաեւ յաջորդ օրը, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն։