
Երկուշաբթի 29 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպեց «Apocalypse Arménie» գիրքի ներկայացումը, որ Օրորա Մարտիկանեանի «Ravished Armenia» գրքի ֆրանսերէն թարգմանութիւնն է։
Երեկոյի բացումը կատարեց Հայկուհի Թիւֆենքճեան. ան նշեց, որ այսօրուան հանդիպումը տարուան դասախօսական շարքին երրորդն է: Առաջինը եղաւ Գ. Բանեանի որբութեան օրերու յուշագրութիւնը, երկրորդը՝ Արա Գրիգորեանի Հայ Դատի տարիներու յուշագրութիւնը եւ այսօրուան գիրքը, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութիւնը ապրած ականատեսի մը յուշերը:
Ապա խօսք առաւ Թոմաս Տիլան՝ գիրքը թարգմանողը: Ան ներկացուց Օրօրայի շրջագայութիւնը Կիլիկիոյ եւ արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Օրօրան կը հանդիպի Զօրավար Անդրանիկին Էրզրումի մէջ, վերջինս կը թելադրէ որ երբ Ամերիկա հասնի վկայէ Հայ ժողովուրդին չարչարանքներուն մասին:
Օրօրա Ամերիկա հասնելուն պէս իր վկայութունը կու տայ Հենրի Կէյց գրագէտին, եւ կը հրատարակուի «Ravished Armenia» 1918-ին: Այս գիրքէն հիմնուած կը պատրաստուի ֆիլմ մը 1919-ին, որ մեծ հռչակ կ՚ունենայ, եւ հասոյթը կը ղրկուի հայ որբերուն: Այս վկայութիւները ցնցած են Ամերիկան եւ զինք կոչած են հայոց «Jeanne d'Arc»-ը :
Երեկոյին ցուցադրուեցաւ 15 վայրկեանոց հատուած մը:
Օրօրա մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ վկաներէն է, եւ իր գիրքը ուղղուած է աշխարհի տարածքին ցեղասպանութեան անգիտակից զանգուածներուն: