Հայ նոր սերունդներուն առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ: Վերջին տարիներուն, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցչական պաշտօնավարութեան թեկնածուներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՝արձանագրէ ամբո՛ղջ Սփիւռքի տարածքին: Ներկայ ընթացքով, ոչ հեռու ապագային, մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:
Ապրիլ 2012-ին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած էինք, որ այս խնդրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, կը սկսէինք Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ գործակցիլ՝ հաստատելու համար հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութեան ծառայող հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիր մը: Այժմ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ ԵՊՀ-ի հետ կնքուած յատուկ համաձայնագիրի մը հիմամբ արդէն հաստատուած է ԵՊՀ-ի հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրը (M.A. in Armenian Studies): Ուսումնական տեւողութիւնը երկու տարի է: Ուսումնական ծրագիրը կը ներառէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթի դասանիւթերու ամբողջական համակարգ մը:
Այս առիթով կը յիշեցնենք, որ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը եւ հիմնած է ուսումի եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ծախսերը հոգացող կրթանպաստի դրութիւն մը հետեւեալ երեք հանգրուաններով.
Ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին իր երկրին մէջ կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագրի մը (Education, Pédagogie), որուն աւարտին կը ստանայ B.A.-ի կամ Licence-ի վկայական: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ, ուսանողը կ'ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d’Enseignement) ծրագիր մը:
Բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ'ամբողջացնէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրը:
Գ) Ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագրով մը ստանձնել պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:
Սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մեկնարկուած է եւ հինգ ուսանողներ արդէն կը մասնակցին անոր: Կը հրաւիրենք այս ծրագիրով հետաքրքրուած եւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ (կամ շուտով շրջանաւարտ) աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com, 00961-4-715684):
Սփիւռքի հայկական վարժարաններէն կը խնդրուի տարածել այս հաղորդագրութիւնը:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
20 Դեկտեմբեր, 2014