Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրասէրներու խմբակի 27-րդ հաւաքին նիւթն էր «Հայ կին գրողները տարիներու ընդմէջէն»։ Ձեռնարկը մաս կը կազմէ ամսական հաւաքներու շարքին, ուր ամէն ամիս երիտասարդ գրասէրներ իրենց նախասիրած գրողը կը ներկայացնեն։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ 28 Սեպտեմբեր 2014-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Յարութիւն Մանուկեան գրադարանին մէջ։ Մեղրի Մեսրոպեան, Մեղեդի Էթիեմեզեան, Արփի Ագըլեան, Մեղեդի Գալուստեան, Արեն Մնացականեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վարագ Պապեան ու Ռուբէն Ճանպազեան յաջորդաբար ներկայացուցին Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Մետաքսէ Պօղոսեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Վեհանոյշ Թեքեան եւ Լօլա Գունտաքճեան։ Հաւաքը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։
Աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց վերջերս գաղութս հաստատուած մանկական գիրքերու հեղինակ Զանի Շահինեան Մեսրոպեան. ան խօսք առաւ իր հրատարակած մատենաշարին մասին։ Ներկաները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու ներկայացումները։