
Ընթացիկ տարուան Յուլիսին մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուէր ազնիւ ազգային, հաւատաւոր եւ գործունեայ միութենական, իր երբեմնի դպրոցի տեւական նուիրատու, Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի 1950-ի շրջանաւարտ Զոհրապ Պոսնոյեանը: Իրենց հօր եւ մեծ հօր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով՝ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեան եւ զաւակունք, Համազգայինի Կեդրոնական հիմնադրամին ծիրին մէջ կը հաստատեն կրթաթոշակային հիմնադրամ մը՝ 100.000 ամ. տոլար (հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) սկզբնական գումարով մը: Հիմնադրամը պիտի կոչուի «Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Զոհրապ Պոսնոյեան կրթաթոշակ»: Հիմնադրամի նպատակն է անոր շահարկումէն գոյացած գումարով նպաստել Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կարօտեալ սաներուն, ինչպէս նաեւ օգնել ճեմարանի այն շրջանաւարտներուն, որոնք իրենց ուսման առաջին տարին Լիբանանի առաջատար համալսարաններէն մէկը յաճախելու համար նիւթական աջակցութեան կարիքը ունին: Հիմնադրամը պիտի գործէ վերոնշեալ նպատակով մշակուած յատուկ կանոնագրութեան մը համաձայն: Անոր յանձանձումը պիտի կատարուի «Համազգայինի Հիմնադրամի Կեդրոնական Մարմինին կողմէ՝ խորհրդակցաբար ընտանիքին մէկ ներկայացուցիչին հետ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Համազգայինի Հիմնադրամի Կեդրոնական Մարմինը իրենց խորունկ գնահատանքը կþարձանագրեն գիտակից եւ օրինակելի այս կեցուածքին համար. համաշխարհային տնտեսական տագնապի ներկայ օրերուն հաստատուող այս հիմնադրամը կը գօտեպնդէ մեզ՝ Համազգայինի նպատակներուն իրագործման համար տարուող մեր առօրեայ աշխատանքին մէջ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
29 նոյեմբեր 2008,Պէյրութ