
Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 7 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի Մուսա Լեռ սրահին մէջ, գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Վարուժ Չիլինկիրեանի «Can't Believe l'm Alive» գիրքի գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով Սեպուհ Պօյաճեան անդրադառնալով ընթերցանութեամբ ստեղծուած հաճոյքին շեշտեց գիրքի կարեւորութիւնն ու անկէ ստացուած անփոխարինելի գիտելիքներու ամբարումը:
Ան ներկայացնելէ ետք Այնճարի զաւակ՝ Վարուժ Չիլինկիրեանի կենսագրականը, բեմ հրաւիրեց Եսայի Հաւաթեանը ներկայացնելու համար գիրքին բովանդակութիւնը:
Ան հանգամանօրէն անդրադառնալէ ետք գրքի պատումին, շեշտեց, որ այդ շատ հետաքրքրական իրական դէպքերու շարանը կարելի է դիւրութեամբ ֆիլմի վերածել.
Գիրքի պատումը՝ հեղինակին ու ծայրայեղ իսլամիստի մը անակնկալ հանդիպումն ու բախումն է, բայց նաեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը ՝ բացայայտումով անվերջ անակնկալ իրադարձութիւններու, որոնք եթէ երբեք մէկ կողմէ առնչուած են մարդկային հոգեբանութեան հետ, միւս կողմէ շրջանային ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական քաոսին պատճառած առօրեան էր...
Եսայի Հաւաթեան շեշտելէ ետք, որ գիրքի յաջողութեան գրաւականը ընթերցողը գրաւելն է, շնորհաւորեց հեղինակը:
Այս առիթով նաեւ վկայութիւն մը տուաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ շեշտելէ ետք դիւրամատչելի անգլերէնով ընթերցուելիք գիրքի եւ բովանդակային եւ դաստիարակչական բնոյթը, զայն նկատեց միջազգային շատ մը հեղինակներու չզիջող վէպ: Ան ըսաւ, որ այս գիրքը ոչ թէ դիւրութեամբ ֆիլմի կարելի է վերածել, այլ կարծես գրուած է որպէս պատրաստ ֆիլմ:
Ապա առաջնորդութեամբ գերաշնորհ հայր Վարուժան Հերկելեանի, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ ՝ հայր Եզեկէլ Սէլլումեանի, Այնճարի քաղաքապետին, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնի արարողութիւնը:
Վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց գիրքի հեղինակ՝ Վարուժ Չիլինկիրեան, որ անդրադառնալէ ետք կարեւորութեան Այնճար հայաւանի, ուր իր կեանքի կազմաւորման ամենակարեւոր հանգրուանը անցուցած է, շնորհակալութիւն յայտնեց նախ այս չքնաղ գիւղը պահող բոլոր մարմիններուն ու համայնքներուն, ապա նաեւ բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին իր գիրքի ներկայացման ու գինեձօնի արարողութեան:
Ձեռնակը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, մինչ գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Համազգայինի մշակութային աշխատանքին:
