Եւրոպա

Ապրիլեան եղեռնի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Համազգայինի հովանաւորութեամբ, «Chroma Diaspora» խորագրեալ ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ։
Երիտասարդ արուեստագէտներ՝ Սեւակ Արմէնեան, Փաթիլ Չիլինկիրեան,Կասիա Արթին եւ Նազելի Փանոսեան, ներկայացուցին իրենց գործերը հանրութեան, չորս օրերու ընթացքին։
Ցուցահանդէսի բացման առթիւ, Հինգշաբթի 25 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան,Անժելա Լէվոն ՝ Պետիկ Փանոսեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ներկաներուն հրամցուց քանի մը երգեր: