
4 Մարտ 2022-ին, երկու տարուան ձեռնարկներու դադարէ ետք (համաճարակին պատճառաւ)՝ մեծ ուրախութեամբ Համազգային-Փարիզը, ՀՅԴ Արմէն Գարօ ենթակոմիտէութեան եւ Հայ մշակոյթի տան հետ միասնաբար կազմակերպեց գինեձօնը Արա Գրիգորեանի եւ Հրայր Հրաչեանի պատրաստած աշխատանքին՝ «Dictionnaire Biographique, Arméniens d’hier et d’aujourd’hui», որ կը ներկայացնէ զանազան մարզերէ ներս հայ յայտնի հեղինակաւոր անձերու կարճ կենսագրականը։
Այս երեկոյթին, ուր կը հաշուէինք մօտաւորապէս հարիւր ներկաներ, կը նախագահէր յայտնի բեմադրիչ եւ դերասան Սիմոն Աբգարեան։
Արին Թաշճեան կատարեց երեկոյի բացումը, որուն յաջորդեցին Արա Գրիգորեան եւ Հրայր Հրաչեան, որոնք մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ տուին, սահիկներու միջոցաւ օրինակներ առնելով իրենց գրքի մի քանի անձնաւորութիւններէն։ Ապա գեղարուեստական գեղեցիկ միջոցառում մը տեղի ունեցաւ յայտնի արուեստագէտներու կողմէ. մեներգներ՝Քրիստինէ Այտինեանի եւ Արնօ Խաչերեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ նուագեցին Ֆրեդերիկ Մանուկեան՝ դաշնակ եւ Ռոստոմ Խաչիկեան՝ դուդուկ։
Երեկոն աւարտեցաւ գրքին աւանդական գինեձօնով, նորընտրեալ առաջնորդ Ֆրանսահայ թեմի՝ Հայր Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանի կողմէ, որմէ ետք երկու հեղինակները մակագրեցին իրենց ծաւալուն «Կենսագրական բառարանը»։