
Ուրբաթ 21 Նոյեմբեր 2025-ին,Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ,Ալիք Թապաքեան եւ Անթուան Հապշի ներկայացուցին «Forget me not Siroun Ararat» պատկերազարդ գիրքը,որ կը պատմէ հայոց եղեռնը պատանիներուն եւ փոքրերուն։
Ներկաներուն Հարցումներուն ընդմէջէն, Անթուան Հապշի շեշտեց մշակոյթի եւ հաւատքի ուժը ինքնութիւնը պաշտպանելու պայքարին մէջ։ Ներկաներու թիւը բաւական սեղմ էր, բայց զրոյցը ընթացաւ հետաքրքրական։
