
Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, հարիւր գրասէրներ ներկայ եղան Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս, Գառնիկ Բանեանի «Goodbye Antoura» գիրքի շնորհահանդէսին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Պոլսահայ Միութեան, եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ։ Բարի գալուստի խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեց Անահիտ Պալեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ «Goodbye Antoura» գիրքը, ընթերցողին առջեւ կը բանայ եղեռնի դառն դէպքերէն մէկը, որուն մասամբ ծանօթ ենք: «Goodbye Antoura» թարգմանութիւնն է Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր Մանկութեան եւ Որբութեան» գիրքին, եւ կը հանդիսանայ լաւագոյն օրինակներէն մէկը, ուր կը նկարագրուի Մեծ Եղեռնեան սարսափը ապրած հեղինակի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը։
Գիրքին թարգմանութիւնը կատարած է Լիբանանէն Գալիֆորնիա հաստատուած, երիտասարդ ուժ մը՝ Սիմոն Պէօճէքեան, որուն պատգամն ու կարծիքը գրքին մասին, ներկաները լսեցին տեսաերիզի միջոցաւ։ Սիմոն Պէօճէքեան նշեց թէ այս գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս մանուկներ, առանց անպայման հասկնալու իրենց շուրջ պատահած դէպքերը, բնազդօրէն կը դիմադրեն երբ իրենց ինքնութիւնը սպառնալիքի տակ է: Այս տիպի կենսագրականներ շատ մեծ դեր կրնան խաղալ օտար շրջանակներու մօտ, ցեղասպանութեան քարոզչական աշխատանքին մէջ:
Իսկ ո՞վ է Գառնիկ Բանեան:
Ծնած է 1910ին, Կիւրիւն: Հազիւ հինգ տարեկան, ենթարկուած է տեղահանութեան եւ անապատի ճամբուն վրայ կորսնցուցած է իր մայրը, քոյրն ու եղբայրը: Եղեռնէն հրաշքով փրկուած հայ որբերը թրքացնելու նպատակով ճեմալ Փաշայի կազմակերպած 100 հազարաւոր հայ որբերու հաւաքին ընթացքին փոխադրուած է Անթուրայի որբանոցը, ուր ապրած է որբանոցային կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Ապա իր ողջ մնացող ընկերներուն հետ փոխադրուած է Ժպէյլի որբանոցը, ուր ստացած է ազգային առողջ ոգիով դաստիարակութիւն: Որբանոցային կեանքը իր մէջ կոփած է պայքարի եւ տոկունութեան ոգի մը, որուն շնորհիւ յաղթական պայքար տարած է կեանքի հարուածներուն դէմ:
Որբանոցէն ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ. արհեստի ճամբով, զբաղած է ելեկտրական գործերով: Ուսման անյագ փափաք ունենալով եւ բախտի տնօրինումով՝ արհեստը կէս ձգած է ու մտած է նորաբաց Ճեմարանը, 1930ին: 1935 Յունիսին եղած է Ճեմարանի առաջին հունձքի 8 շրջանաւարտներէն մէկը: Այնուհետեւ իր կեանքը եղած է ուսման, դասաւանդութեան եւ գիրի, գրականութեան աշխարհը: Ամուսնացած է եւ ունեցած երկու զաւակներ՝ Հուրի եւ Շաղիկ:
Ճեմարանի մէջ եւ այլուր ճանչցուած է իբրեւ հայոց լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ: Ան Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան ժամանակ վարած է փոխ տնօրէնի պաշտօն, իսկ Սիմոն Վրացեանի ժամանակ, Մուշեղ Իղխանի հետ նշանակուած է տնօրէնի օգնական:
1936ին, իր շրջանաւարտ ընկերներուն հետ միասին, Գառնիկ Բանեան հիմը դրած է Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան: 1944ին եղած է հիմանդիր անդամ՝ Շրջանաւարտից Միութեան պաշտօնաթերթ «Ակօս»ին եւ ստանձնած խմբագրութեան պաշտօնը:
Գառնիկ Բանեան եղած է մնայուն եւ գործօն անդամ Համազգայինի, մերթ իբրեւ պարզ անդամ, մերթ իբրեւ վարչական եւ մերթ իբրեւ քարտուղար եւ գործավար: Պատանեկութեան տարիներուն անդամակցած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ վարած՝ պատասխանատու պաշտօններ: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Ազգային Իշխանութեան զանազան մարմիններուն մէջ, մասնաւորաբար Ազգային Խորհուրդի իբրեւ անդամ եւ ատենապետ: Եղած է Ազգային Երեսփոխան. Քաղաքական Ժողովի եւ Գաւառական Ժողովի կարկառուն դէմքերէն: 1970-ին պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոց Մետալով Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, իր երկարամեայ կրթական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան համար:
Գառնիկ Բանեան ուսուցիչը, մտաւորականն ու հանրային գործիչը ծառայած է խոնարհաբար, եւ իր կարգապահութեամբ եւ ճշգրտութեամբ ակնածանք ու հիացմունք ստեղծած: Իր ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրում եղած է իր ազգին, հայ լեզուին, Ճեմարանին, Համազգայինին եւ հայ մշակոյթի գործիչներուն: Մահացած է 23 Յուլիս 1989ին:
Ապա Ա. Պալեան բեմ հրաւիրեց Թէքէեան Մշակութային Միութենէն Տիկին Սիլվա Ամատունին, որպէսզի ներկայացնէ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կենսագրականը ու հրաւիրէ զինք՝ ներկայացնելու համար «Յուշեր Մանկութեան եւ Որբութեան» գիրքը։
Բժիշկ Հարպոյեան բծախնդրօրէն ներկայացուց հեղինակին կեանքը գաղթի ճամբուն վրայ, ուր ան կորսնցուցած էր իր ընտանիքի անդամները ու Ճաշակած տեղահանութիւնը՝ իր բոլոր դժուարութիւններով եւ Անթուրայի որբանոցի կեանքը իր դժոխային բոլոր երեսներով՝ հայ որբերու թրքացում, անօթութիւն եւ չարչարանքներ։ Այս բոլորը ան կատարեց մերթ ընդ մերթ ընթերցելով գրքէն հատուածներ, պաստառին վրայ միաժամանակ ներկայացնելով նիւթին առնչուող պատկերներ։
Գառնիկ Բանեանի աներեւակայելի, բայց իրաւ արկածախնդրութիւնները ներկայացուելէ ետք, Անահիտ Պալեան հաստատեց, թէ այս բոլորը լսելով հանդերձ հայ ժողովուրդը կայ ու պիտի մնայ եւ մեր կարգախօսն է «ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ». ան աւելցուց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առթիւ հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան մարզերու մէջ, քաղաքական, քարոզչական, հանրային հաւաքական ինչպէս նաեւ հրատարակչական աշխատանքներով, եւ այդ աշխատանքներէն հեռու չմնացին նաեւ հայ արուեստագէտներ: Այս ծիրէն ներս ներկաները առիթը ունեցան դիտելու հայ արուեստագիտուհիի մը (ափսոս որ անունը անկարող եղանք գտնել) աւազով պատրաստած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, Կոմիտասեան երաժշտութեան զուգընթաց, որուն աւարտին արուեստագիտուհին աւազով գրեց «Կը Յիշենք 1915–ի Ցեղասպանութիւնը»:
Անահիտ Պալեան դարձեալ հրաւիրեց Սիլվա Ամատունին, որպէսզի այս անգամ ներկայացնէ հեղինակին դուստրը՝ Հուրի Բանեանը, որ 27 տարիներէ իվեր կը վարէ Պոսթոնի Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ իր մեծ ջանքերով որակաւորած ու ընդարձակած է զայն։ Ան պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոց Մետալով Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ եւ Զապէլ Թագուհիի Մետալով՝ Ազգային առաջնորդարանի կողմէ:
Հուրի Բանեան իր խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց երեք միութիւններուն, որոնք կազմակերպեցին իր հօր գիրքին շնորհահանդէսը։ Ան ներկաներուն բացատրեց, թէ ի՞նչ էին պատճառները, որոնք զինք մղեցին այս գրքի թարգմանութեան, եւ ինչպիսի՞ անդրադարձ ունեցած է այս գիրքը, թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեց թէ գիրքը հրատարակուած է Stanford University հրատարակչատան կողմէ եւ գիրքի յառաջաբանն ու վերջաբանը կատարած է Davis-իԳալիֆորնիա Համալսարանի (University of California in Davis) Մարդկային Իրաւունքներու բաժնի դասախօս՝ ՓրոՖ. Keith Watenpaugh, որ գալիք տարիներուն իր ուսանողներուն հետ պիտի ուսումնասիրէ գիրքը: Դասախօսը ողջունած է Հուրի Բանեանի նախաձեռնութիւնը թարգմանելու նման արժէքաւոր գիրք մը եւ շեշտած է «Goodbye Antoura» գիրքի կարեւորութիւնը ոչ միայն որպէս գրական արժէք այլ որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտապանման հարցեր քննարկող վաւերագրութիւն, ուր կ'արծարծուին մարդկութիւնը յուզող նիւթեր, ինչպէս պատկանելիութեան հարց, երեխաներու իրաւունքներու բռնաբարում, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութենէն ետք վերակազմութիւն, վերականգնում, եւայլն:
Հուրի Բանեան նաեւ արտայայտեց իր բարձր տպաւորութիւնները՝ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի աշակերտներուն մասին, որոնց այցելած էր նոյն առաւօտ։
Անահիտ Պալեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս գիրքի թարգմանութիւնը կու գայ ողջ աշխարհին յիշեցնելու թէ պատմական ճշմարտութիւնները չեն կրնար թաղուիլ, հակառակ 100 տարիներու թաւալումին: Ապրելու եւ կեանքը սիրելու բնազդն էր որ ստիպեց այդ որբերուն, որ գտնեն հնարքներ պաշտպանուելու եւ հակադարձելու սովին ու այդ աներեւակայելի չարչարանքներուն եւ նոյն այդ ապրելու եւ եղած անարդարութեան դէմ պայքարելու բնազդն է, այսօր մեր մէջ, որ կը համախմբէ մեզ բոլորս եւ կը ստիպէ մեզի անդրադառնալու անցեալի իրականութիւններուն, աւելի եւս կազմակերպուած, աւելի եւս արթուն եւ զգոյշ ըլլալու այսօր եւ գալիք տարիներուն»:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները իրենց հետ տարին Հուրի Բանեանին կողմէ մակագրուած գիրքերը՝ ձեւով մը բաժնեկից ըլլալու հայ որբերու ցաւալի յիշատակներուն, միաժամանակ՝ նորոգելու իրենց պայքարի եւ պահանջատիրութեան կամքն ու ոգին։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն