
Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին, Անվերսի Սուրբ Պոնիֆաս Աւետարանական եկեղցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ազգային բարերար, Համազգայինի Պելճիքայի մասնաճիւղի ատենապետ, վաստակաւոր հեծելանուորդ, ՀՄԸՄական՝ Արմէն Արսլանեանի յուղարկաւորութիւնը։
Արմէնի բոլոր բարեկամները ժամանած էին Պելճիքա, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն եւ այլ վայրերէ՝ իրենց վերջին հրաժեշտը տալու։
Յուղարկաւորութեան նախագահեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան։ Ապա, վերապատուելի Սարգիս Փաշայեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արմէնի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Անկլիքան եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սթիվըն Սվանսոն խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը նկարագրային գիծեր եւ կարդաց փոքր բանաստեղծութիւն մը գրուած Արմէնին կողմէ, երբ ան տակաւին հիւանդանոցն էր։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բոլոր կառոյցներուն անունով փոխանցեց իր խօսքը։ (խօսքը կու տանք առանձին)
Ապա, Պելճիքայի հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Անտրէ Կիւմիւշճեան, Արսլանեան ընտանիքի եւ Արմէնի բարեկամներուն անունով փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ներկայացնելով Արմէնի կենսագրական գիծերը եւ մատնանշելով, թէ Արմէնը հայրենասէր էր. ան հպարտ համազգայնական, աշխուժ հեծելանուորդ, մշակութասէր ու ընկերասէր էր։
Պարոն Կիւմիւշճեանի խօսքէն ետք կարդացուեցաւ Վերապատուելի Րենէ Լեւոնեանի յղած ցաւակցագիրը։ Ապա Արմէն Արսլանեանի որդին՝ Վարդան Արսլանեան, խօսք առնելով վերյիշեց քանի մը հաճելի դրուագներ եւ ըսաւ, թէ Արմէնը միշտ կ՛ըսէր, թէ ինքը երբէ՛ք պիտի չծերանայ ու այս աշխարհէն պիտի հեռանայ իբրեւ երիտասարդ։
Վերջապէս Արմէնի քոյրը՝ Սանտրա, կիթառի նուագակցութեամբ կատարեց երգ մը, որուն բառերը գրած էր Արմէնը։
Յուղարկաւորութիւնը վերջ գտաւ ունկնդրութեամբ «Լեռներ Հայրենի» երգին, որ Արմէն Արսլեանի նախասիրած երգն էր։
Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Հոպոքենի «Սքունսըլհոֆ» գերեզմանատունը:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը մանրամասնութեամբ կարդալ այստեղ: