Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի միջ-դիւանական առցանց ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 17 զանազան շրջաններէ Համազգայինի դիւաններու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամները։ Հանդիպումին բացումը կատարեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ ողջունելով ներկաները յայտնեց, թէ Համազգայինի մեծ ընտանիքը, նոր տարուան սեմին համախմբուած է, որպէսզի զիրար լսելով եւ Համազգայինի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ բաժնեկցելով, իւրաքանչիւր շրջանի դժուարութիւնները իմանալով կարելի ըլլայ դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ հասնիլ աւելի մեծ յաջողութիւններու:
Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութիւնը իր փոխանցումները կատարեց շրջաններուն` Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովին որոշումներուն գործադրութեան ուղղութեամբ ցարդ կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն, որոնց շարքին ներկայացուց եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր նոր նախաձեռնութեան մասին՝ շրջաններուն գեղարուեստական ղեկավարներ պատրաստելու ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը կ՛ակնկալէ շրջաններու մասնակցութիւնը։
Առցանց հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ կազմակերպական որոշ հարցեր, եւ անոնց ուղղութեամբ փոխանցուեցան ցուցմունքներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան:
Ապա իւրաքանչիւր շրջանի ներկայացուցիչ զեկուցեց իր շրջանի 2025-ի ծրագիրներուն մասին, մատնանշելով աշխատանքային ծիրը եւ դժուարութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Յունաստանի, Լոնտոնի, Փարիզի, Մարսէյի, Պրազիլի, Մոնթէվիտէոյի, Արժանթինի, Շուէտի, Պելճիքայի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ շրջաններու դիւանները:
Համազգայինի Կեդոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 23 Յունուար 2025