
Երկուշաբթի 8 Ապրիլ 2013-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը ներկայացուց Անի եւ Ժան Փիէր Մահէ-ի գիրքը « Histoire de l’Arménie, des origines à nos jours », հրատարակուած Փէրէն հրատարակչատան կողմէ:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Անահիտ Տէր Մինասեան: Ան ներկայացուց գիրքին հեղինակները եւ բարձր գնահատեց անոնց ներդրումը մասնագիտական մարզէն ներս: Արեւելեան մշակոյթներու մասնագէտ Անի եւ Ժան Փիէր Մահէ, տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած են կովկասեան ժողովուրդներու պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Հրատարակած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւներ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի գանձերուն: Անոնք կը տիրապետեն զանազան լեզուներու, որոնց շարքին նաեւ՝ հայերէնին, զոր սորված են 70-ական թուականերուն, երբ հաստատուած են Սովետական Հայաստան՝ աշխատելու համար Երեւանի մատենադարանը:
Ապա խօսք առաւ Ժան Փիէր Մահէ եւ ներկայացուց գիրքը, որ 700 էջերու մէջ կ՝ամփոփէ 3000 տարուան հայոց պատմութիւնը։ Ան ամբողջական պատկեր մը կու տայ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր հանգրուաներուն՝ ծագումէն մինչեւ այսօր:
Ընդհանրապէս հայոց պատմութեան գիրքերը կը պատրաստուին քանի մը մասնագէտներու համագործակցութեամբ, այս մէկը գրուած է մէկ շունչով, առանց պատմութեան կտրատումներու: Թագաւորութիւններ՝ տոհմեր, իշխանական տուներ… Հայերը զիրենք կառավարող իշխանութիւներուն հետ, դիմագրաւած են օտար արշաւանքներ, հսկայ կայսրութիւներ, կրցած են համակերպիլ եւ պահել իրենց ինքնութիւնը:
Գիրքին վերջին մասը կ՝անդրադառնայ Հայաստանի երիտասարդ Հանրապետութեան դիմագրաւած նոր դժուարութիւներուն՝ տնտեսական դժուարութիւներ, արտագաղթ, Ղարաբաղի հարց…։