![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Հինգշաբթի 6 Դեկտեմբերին ՀԱՍԳ ճեմարանի երկրորդական բաժնէն դերակատարութեամբ հետաքրքրուող քանի մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ շրջանաւարտ աշակերտներ Թալին խաչատուրեանի, Արազ Էլիասեանի եւ Թալին Ակօնի ներկայացուցին Hocus - Pocus աշակերտական թատրոնը, որուն համար կը պատրաստուէին արդէն քանի մը ամիսներէ ի վեր: Հետաքրքրական եւ առեղծուածային ոճով պատրաստուած այս թատրոնը իսկապէս իւրացուած էր դերակատար աշակերտուհիներուն կողմէ, որոնք այնքան համարձակ ու բնական կը կատարէին իրենց դերերը, երբեմն նոյնիսկ իրենց սեռի հակառակ դերը ստանձնելով:
Բեմայարդարումը պատրաստուած էր բծախնդրօրէն եւ նոյնինքն աշակերտներու կողմէ, որոնք իսկապէս ջանք չէին խնայած ներկայացնելու ճիշդ եւ հարազատ պատկեր:
Կÿարժէ շնորհաւորել դերակատարներ՝ Նազելի Ռոպըրթսըն, Շուշան Սարեան, Ռոզալինա Մուրատչալեան, Անահիտ Սարեան, Մեղեդի Սեւակեան, Թամարա Շամօն, Լինա Մարգարեան եւ Տաննա Մանուկեան ինչպէս նաեւ աշակերտներ Ալիշա Էկիւլեան, Արմէն Առաքէլեան եւ Ճոզէֆ Ակօն, որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ներդրումը բերին այս թատրոնի յաջողութեան:
Կարելի չէ չնշել Օր Մելանի Խաչատուրեանը, որ լրջօրէն հսկեց այս աշխատանքին ու համադրեց անոր բոլոր բաժինները: Տեղին է յիշել որ այս ներկայացումէն գոյացած նիւթական հասոյթը պիտի յատկացուի մեր ապագայ ներկայացումներուն համար ձայնային գործիքներ ապահովելու:
Շնորհաւորելի են դերակատարներն ու թատրոնը պատրաստող շրջանաւարտ աշակերտուհիները, որոնք իրենց ազատ ժամերը տրամադրեցին եւ տքնաջան աշխատեցան, որպէսզի ներկայացնեն նման որակաւոր ծրագիր: Ապրի°ն բոլորը: