Եւրոպա

Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2022-ին, Համազգային Փարիզի նախաձեռնութեամբ, պատմաբան Գլօտ Մութաֆեան ներկայացուց «Jérusalem et les Arméniens» գիրքը (édition Les belles Lettres):
Վերջին տարիներուն,Գլօտ Մութաֆեան ֆրանսահայ պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանի հետ մասնակցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի թանգարանի վերադասաւորման գործին: Թանգարանը, որ փակուած էր 1995-էն ի վեր, վերաբացուեցաւ մեծ շուքով անցեալ Հոկտեմբերին:
Ան ներկայացուց պատկերազարդ գիրքը, որ կ՛ամփոփէ Երուսաղէմի մէջ հայոց ներկայութեան պատմութիւնը 4-րդ դարէն ի վեր եւ ցոյց տուաւ թանգարանի թանկարժէք իրերն ու հարուստ մշակոյթի գանձերը:
Այս երեկոյին, ան հանրութեան յիշեցուց Կիլիկիոյ թագաւորութեան սերտ կապերը խաչակիրներուն հետ։