ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ CBC-ի լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Journey Through Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեան, Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար հիւրեր:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի ատենապիտուհի Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ընդգծեց Համազգայինի տարած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր հայապահպանման, ապա Ասպետ Չոլաքեան ներկայացուց տիար Պուճիգանեանի կենսագրականը: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Վիգէն Գոչեան: