Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012-ին,Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը ներկայացուց պատմաբան Գլօտ Մութաֆեանի «l’Arménie du Levant» գործը,ԺԱ.-ԺԴ. դար (հրատարակութիւն ed.Les Belles lettres)՝ կարեւոր աշխատութիւն մը, ծանօթանալու եւ լաւ հասկնալու համար միջնադարեան շրջանի Հայոց Կիլիկիոյ Թագաւորութեան աննախընթաց դիրքն ու քաղաքական դերը Միջին Արեւելքի մէջ։
Սահիկներու ցուցադրութեամբ,Գլօտ Մութաֆեան հանրութեան ներկայացուց այս երկհատոր գիրքի փաստագրական պատկերներն ու քարտէսները։
Ձեռնարկին ներկայ էին գրաբարի մասնագէտ Անյէս Ուզունեան եւ քարտէսներու մասնագէտ Էրիք Վան Լօվ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս գիրքի պատրաստութեան։