
Ուրբաթ, 5 Յունիս 2015-ին , Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ, պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեան՝ ներկայացուց « le Chasseur» (ed.Parethèse) գիրքը,Կարօ Սասունիի «Լեռներու խորհուրդը»- գործէն հատուածներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, հեղինակի տղուն՝ Բաբգէն Սասունիի կողմէ :
Պատմա-քաղաքական դէպքերու ընդմէջէն, դասախօսը անդրադարձաւ Կարօ Սասունիի կենսագրութեան՝ լայն տեղեկութիւներ տալով դարասկիզբի Արեւմտահայաստանի վիճակին մասին. մանկութիւնը Սասնոյ լեռներուն մէջ, կուսակցական առաջին փորձառութիւնները, ղեկավարութիւնը փետրուարեան ապստամբութեան առաջին Հանրապետութեան օրերուն, ազգային գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ, գրական եւ ուսուցչական աշխատանքը Ճեմարանէն ներս, «Բագին»ի հիմնադրութիւնն ու խմբագրական աշխատանքը: Մամիկոնեան ազնուական տոհմի շառաւիղն զգալով, ան իր կեանքի 89-ը տարիները յատկացուց ազգին :
Անահիտ Տէր Մինասեան իր ընդարձակ պատմական գիտելիքները հրամցուց ներկաներուն եւ կապը հաստատեց Կարօ Սասունիի սերունդին եւ մեր միջեւ: