Եւրոպա

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2024-ին, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ, Հրանդ Նորսէն ներկայացուց «Les arméniens en terre de France» գիրքը,- հայերու ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ։
Գիրքը կ՚ամփոփէ հայկական հետքեր ֆրանսայի զանազան շրջաններու մէջ, վկայելով հինէն իվեր գոյութիւն ունեցող այդ սերտ կապը երկու ազգերուն միջեւ։
Ներկայացման մասնակցեցան Արա Գրիգորեան հրատարակիչը եւ Սրբազան Հայր Նորվան Զաքարեան, որ ընդգծեց այս գիրքին եւ գրաւոր արխիւներու կարեւորութիւնը պատմութեան համար։