
Փարիզի Համազգայինի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբեր 2015-ին, ժամը 8:30-ին՝ Rue Bleu-ի Հայ մշակութային տան Տէմիրեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «l'Etrangère» գիրքի ներկայացումը հեղինակի՝ Վալէրի Թօրանեանի ներկայութեամբ։
Համազգայինի վարչութիւնը շահեկան գտնելով Վալէրի Թօրանեանի նոր լոյս տեսած «l'Etrangère» ֆրանսերէն լեզուով գիրքը՝ որոշած էր ծանօթացնել զայն հանրութեան։
Սրահը լեցուած էր ընթերցասէր հասարակութեամբ: Համազգայինի կողմէ երկու սերունդներու ներկայացուցիչներ խօսք առին.
Առաջինը՝ Նայիրի Սիսեռեան, որ բացատրեց, թէ ինք եւս հասակ նետած է Ֆրանսայի մէջ, ունեցած է հայկական տան տաքուկ մթնոլորտ, ինչպէս հեղինակը ստացած է ֆրանսական եւ հայկական զուգահեռ դաստիարակութիւն։ Ան ըսաւ, թէ գիրքը կարդալով ինքզինք պատկերացուցած է շատ մը տողերու մէջ, թէ ինչպէ՜ս հեղինակը յաճախած է հայկական միութիւներ, եղած է իր մեծ մօր՝ mémé de St Chamond, ուշադրութեան եւ հոգատարութեան առարկան, թէ որքան հարազատօրէն ներկայացուցած է մեծ մօր հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը եւ անոր իր վրայ ունեցած ազդեցութիւնը։
Նայիրի աւելցուց, որ այսօր աւելի լաւ կը հասկնայ հեղինակին ապրումները, զգացումները, մշակութային երկուութեան դէմ յանդիման գտնուիլը եւ նոյնիսկ չափահաս տարիքին իր մորթին մէջ այժմ հանգիստ ըլլալը։
Ապա վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Քրիստինա Շիրվանեանը։ Ան ծանրացաւ հեղինակի գրական արժէքներուն վրայ. ներկայացուց անոր անսովոր, անմեղ ու թեթեւ գրչի ոճը։ Շիրվանեան նկարագրեց, թէ ի՛նչպէս Թօրանեան կը յաջողի մերթ ընդ մերթ ընթերցողը յուզել կամ մանկունակ, սակայն սրամիտ մէջբերումներով տրամադրութիւն փոխել։ Ան ընթերցողին մտքերը կը տանի ի՛ր իսկ մանկութեան, իր իսկ փորձառութեան հետ բաղտատական մը ընելու. ապրումներ, զորս կարելի է ընդհանրացնել։
Շիրվանեան շնորհաւորեց Թօրանեանին՝ «l'Etrangère» գրքին մէջ ճարտարօրէն հայկական փառքերը եւ պատմութիւնը օտարներուն ծանօթացնելուն համար։
Թօրանեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Փարիզի վարչութեան, յուզուեցաւ հիւրասիրութեան ընթացքին իր գրքին մէջ նշած մեծ մօր պատրաստած կարկանդակները տեսնելով սեղաներուն վրայ։
Ան բացատրեց, թէ որքան դժուարութեամբ քաղած է մեծ մօր տարագրութեան յուշերը եւ ինչպէս քսան տարիներ վերջ զանոնք յայտնութեան բերած է վէպի ընդմէջէն: Ան ըսաւ. «Զգացուած եւ շոյուած կը զգամ ինքզինքս, ձեր ցուցաբերած անկեղծ հետաքրքրութեան եւ գնահատականին համար»։
Թօրանեան մասնաւոր ժամանակ տրամադրեց գիրքերը մակագրելու։ Ներկաները բաժնուեցան ջերմ ու մտերիմ մթնոլորտի յիշատակներով։