Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակին, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի 6 մանկապարտէզներու, տեղի ունեցաւ Համազգայինի կողմէ պատրաստուած մանկապարտէզի երեք տարիներու դասագիրքերու առցանց ներկայացում։
Մասնակից վարժարաններն էին` Վալանսի Գէորգ Արապեան վարժարանը, Ալֆորվիլի Արապեան Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը, Լը Ռենսիի Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարանը, Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանը, Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը։
Հանդիպման բացումը կատարեց գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, ապա հերթաբար ներկայացումներ կատարեցին դասագիրքերու հեղինակներ` Սեդա Մածունեան, Թալին Եահնիեան եւ Արազ Քալաշեան։ Անոնք մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին գիրքերու դասաւանդման եւ կիրարկման զանազան ձեւերու մասին։ Հանդիպման աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ բացատրութիւն տուաւ գիրքերու ցրուումի պայմաններուն մասին։