
Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս, 2015-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի կազմակերպած հաւաքը՝ Մոնթրէալի բնութեան գիրկը գտնուող Bois de Liesse զբօսայգիի Maison Pitfield-ի շքեղ հիւրասրահին մէջ։
75 ներկաներ եկած էին ունկնդրելու Գրիգոր Դերձակեանի «Հայաստանի անտառներն ու հայ երիտասարդութիւնը» նիւթը։ Նախքան յայտագրի սկիզբը, ներկաները, արդէն բաւական մտերմացած մեր ակումբի ջերմ մթնոլորտին. անոնք զբօսայգիի ծառերու տակ եւ նունուֆարներով ծածկուած աւազանին մօտ հիւրասիրուեցան մեր աւանդական թէյ ու սուրճով, հետաքրքրութեամբ սպասելով օրուան գեղարուեստական յայտագրին ու զրոյցներուն։ Ընկերական ջերմ մթնոլորտի աւարտին ներկաները ուղղուեցան հիւրասրահ:
Բացման խօսքը կատարեց «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի ընդհանուր պատասխանատու՝ Տիրուկ Մանճիկեան, ներկայացնելով դասախօսութեան միտք բանին ու օրուան յայտագիրը: Գլխաւոր նիւթը ծառերն էին եւ այդ մղած էր օրուան հաւաքը կատարել այդ գեղեցիկ զբօսայգիին մէջ: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ մտահոգուած Հայաատանի մէջ հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններու կողմէ կատարուած անխնայ պեղումներէն, այլ անհատներու անպատասխանատու ծառահատումներէն եւ նկատի ունենալով այս արարքներուն հանդէպ հայրենի երիտասարդութեան ծառացումն ու դրական եւ վճռական քայլերը, կը մղուինք աւելի մօտէն իրազեկ դառնալ այս նիւթին եւ արթուն պահել մեր հետաքրքրութիւնն ու խիղճը: Ան նաեւ նշեց թէ հայ անհատը ծառերու հանդէպ միշտ ունեցած է խոր ակնածանք, սէր ու մտերմութիւն:
Ինչպէս միշտ, դասախօսութեան նիւթը նաեւ ներշնչողն է անոր ընկերացող գեղարուեստական յայտագրին: Առաջին առթիւ ներկաները ունկնդրեցին Ռուբէն Հախվերտեանի «Բա՛ց քո կեղեւը, ծա՛ռ» երգը, իսկ Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի անդամ Մելիսա Յարութիւնեանը մեկնաբանեց «Կռո՛ւնկ, գնա՛ մեր աշխարհից» երգը։ Համեմողը ընկհ. Տիրուկն էր, որ մէջընդմէջ կը կարդար ծառերու եւ բնութեան առնչուող առածներ ու առասպելներ: Հետաքրքրական էր Մեղրի գիւղի բարտիին եւ ուռենիին առասպելը, որուն կը վերագրուի Մեղրիի տարատերեւ բարտիներու գոյութիւնը: Անահիտ Պալեան կարդաց տեղեկութիւններ Հայաստանի պատմական Սօսեաց անտառներու մասին: Տպաւորիչ էին նաեւ պաստառի վրայ ցուցադրուած Հայստանի ծառերու նկարները՝ իրենց հայերէն եւ անգլերէն անուններով, զորս բծախնդրութեամբ պրպտած ու համադրած էր Յակոբ Մանճիկեանը։ Շատ հաճելի անակնկալ էր Հալէպէն վերջերս քաղաքս հաստատուած երկու համազգայնականներու մասնակցութիւնը յայտագրին, որոնց գեղեցիկ մեկնաբանութիւնները արժանացան ներկաներուն գնահատանքին: Արփի Սողոմոնեան ասմունքեց Միսաք Մեծարենցի «Աքասիաներու շուքին տակ» սքանչելի բանաստեղծութիւնը, մեզ փոխադրելով մեր երկրորդական վարժարաններու գրականութեան դասարանները, ինչպէս նաեւ Սոնա Թիթիզեանը, որ ձեռնարկի աւարտին ընթերցեց Մուշեղ Իշխանի «Պարտիզպանը»։ Օրուան դասախօսին հակիրճ կենսագրականը ներկացուց ընկհ. Տիրուկը, նշելով որ ընկ. Գրիգոր ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը եւ աւարտած 1977-ին։ American University of Beirut-էն տիրացած է զոյգ տիտղոսներու՝ Bachelor of science in Agriculture եւ Agricultural Engineer diploma։ Մոնթրէալ հաստատուած է 1991-ին, եւ աւելի ուշ, աւարտած է Concordia համալսարանի Պատմաբանութեան ամբիոնը։ Ան անդամ է նաեւ ուսումնական պատուոյ Golden Key International Honor Society-ին։ Ընկեր Դերձակեան մանրամասնօրէն եւ բծախնդրութեամբ, power point-ի միջոցաւ ներկայացուց Հայաստանի անտառներուն եւ կենսոլորտի մասին իր հետազօտած նիւթն ու մանաւանդ՝ մտահոգութիւնները։ Ան իրապաշտօրէն մեր առջեւ դրաւ ցաւալի իրականութիւններն ու անոնց տուն տուող պատճառները, ժողովուրդին անգիտակից մօտեցումը երկրին հարազատ ծառերուն եւ կենդանիներուն եւ առհասարակ՝ բնութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի անտառներու եւ ընդհանուր բնապահպանութեան հանդէպ: Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ ծառերու վերատնկումի համար կատարուած շինիչ, շարունակական եւ կենսական աշխատանքին:
Ներկաները շատ գոհ մնացին այս դաստիարակչական բնոյթի շահաւէտ դասախօսութենէն, որ ինքնին նորութիւն մըն էր, եւ ընկ. Դերձակեանին ուղղուած հարցումներն ու անոնց տրուած սպառիչ պատասխանները առիթը ստեղծեցին աւելի մօտէն ծանօթանալու այս նիւթին, յատկապէս Հայաստանի բնական հարստութիւններու պահպանման կարեւոր գործին: Նախքան ձեռնարկի աւարտը, Մէլիսան անգամ մը եւս հանդէս եկաւ մեծապէս խանդավառելով ներկաները Անուշ եւ Ինկայի «Մենք ենք մեր սարերը» երգով։
Ըստ սովորութեան, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, եւ չորս ներկաներ իրենց հետ տուն տարին օրուան նիւթը խորհրդանշող գեղեցիկ բոյսեր։ Ժամերը յուշիկ յուշիկ սահած էին: Տուն վերադարձին՝ մեզի հետ կը տանէինք լոյսը լիալուսնին, հայրենի բարտիներու խշխշոցը, ինչպէս նաեւ բնապահպանութեան եւ ծառատնկումի բարելաւման եւ զարգացման յոյսը:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն