Յուլիս 2014-ի սկիզբը, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ պարի ուսումնասիրութեան Համաշխարհային Համագումարը: Սոյն գիտական համագումարը կազմակերպուած էր UNESCO-ի կողմէ, աւելի ճիշդ՝ այս կազմակերպութեան պարի բաժանմունքէն (Conseil International de la Danse-CID), կեդրոն ունենալով Փարիզը:
Համաշխարհային այս Համագումարը՝ միջազգային քաղաքակրթական աւանդութիւն մը կը կազմէ պարի, ընդհանրապէս պարարուեստի բնագաւառին մէջ նորարարական ու ժամանակակից ծրագիրներու դրսեւորման ու արդիական ըմբռնումով արտայայտութեան ոճով, որուն առաջնակարգ նպատակն է՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին նոր զգացողութեամբ, ձեւով, նկարագրով ու ոճով գործեր ներկայացնել:
Յունաստանի Համազգային Մշակութային Միութեան «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը՝ իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց Ֆիլոփափուի «Տորա Սթրաթու» թատրոնին մէջ, ուր հայրենի անուանի պարուսոյց՝ Անահիտ Սարիբէկեան Ռուսաստանէն, իր պարային խումբի անդամներուն հետ ներկայացուց հայկական իւրայատուկ մոթիվներով պարային նոր նմուշներու ստեղծագործութիւններ: Այս պարախումբն ալ կը կոչուի «Նայիրի»:
Յունաստանի Համազգայինի պարախումբը հետեւողական աշխատանք կը կատարէ, որպէսզի կարենայ անդամակցիլ UNESCO-ի այս կառոյցին եւ անոր ճամբով՝ պարային միջազգային սեմինարներու եւ ամրան ընթացքին տեղի ունենալիք միացեալ ու հաւաքական պարարուեստի համերգի մը:
Կ՛արժէ ընդգծել, թէ Անահիտ Աարիբէկեան կը կրէ արուեստի President of Vanadzor Section CID:
Վերջապէս նշենք, թէ հայրենի Pert Dance Ensemble պարային խումբը եւս մասնակցութիւն բերաւ վերոնշեալ համագումարին՝ Փիրէայի «Վէաքիօ» թատրոնի բեմէն, հայկական աւանդական պարերով:
(Ազատ Օր օրաթերթ)