
Համազգայինի դաստիարակչական խաղերու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր պատրաստած նորագոյն խաղ- յաւելուածը՝ «Մտամարզ»ը, արդէն իսկ հասանելի է՝ անվճար, iOS եւ Android համակարգերով բանող բոլոր հեռաձայններուն եւ թապլէթներուն համար։
«Մտամարզ»ը մտքերը մարզող, ընդհանուր զարգացման գիտելիքները հարստացնող, բազմաբնոյթ հարցումներով հետաքրքրական տեղեկութիւններ ուսուցանող, արեւմտահայերէնով մատուցուած մրցում- խաղ մըն է, որ օգտակարը հաճելիին միախառնելով, արդիւնաւէտ ժամանց կ՛ապահովէ 10 տարեկանէն սկսեալ բոլորին համար։
Շնորհակալութիւն՝ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին եւ փոքրիկներ Թիլտա եւ Աւագ Սանտրիքներուն, որոնց նիւթական աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ պատրաստել սոյն խաղը։
Ներբեռնեցէ՛ք «Մտամարզ»ը, եւ արդիւնաւորեցէ՛ք ձեր ժամանցը։
www.mdamarz.com