
11 Սեպտեմբեր 2017-ին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի. 48 ժամ» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան յայտնեց, որ գիրքը հրապարակուած է յունիս 2017-ին եւ լոյսին եկած է Համազգայինի լուսանկարչական նախագիծին շնորհիւ, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր 48 ժամուան մէջ ցոյց տալ Շուշիի քաղաքային կեանքի բազմազանութիւնը` երիտասարդ լուսանկարիչներու աչքերով:
«Շուշին մեր Երուսաղէմն է. ամէն հայ պարտաւոր է թէկուզ երկու օր` 48 ժամ ապրիլ այնտեղ»,- կ՛ըսէ Սպարտակ Ղարաբաղցեան` աւելցնելով, որ Շուշիի վերականգնումը մշակութային վերընձիւղման ամէնէն մեծ վկայութիւնն է:
«Շուշի. 48 ժամ» նախագիծը իրականացած է նաեւ վաւերագրող լուսանկարիչ, վաւերագրական լուսանկարչութեան համար «Ֆիֆթի Քրազ» միջազգային հիմնադրամի մրցանակակիր Գերման Աւագեանին հետ գործակցաբար:
Նախագիծին մասնակից լուսանկարիչներուն մէջ կային սկսնակներ եւ փորձառուներ` Արցախէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան խորհուրդի անդամ, լրագրող, մեկնաբան Միքայէլ Հաճեան, խօսելով «Շուշի. 48 ժամ» ծրագիրին մասին ըսաւ, որ պատկերագիրքը ուխտագնացութիւն է դէպի հայոց սրբութիւն սրբոց քաղաքներէն մէկը` Շուշի, ու բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ ետք պիտի տեղեկանան, որ 2017-ի յունիս 30-ին եւ յուլիս 1-ին, 48 ժամուան ընթացքին, ինչպիսին եղած է Շուշին:
Ըստ ծրագիրին մասնակից լուսանկարիչ, Վրաստանի մշակոյթի նախարարի նախկին տեղակալ Եուրի Մեճիտովի, Շուշին զարմանահրաշ քաղաք է, ուր ամէն օր նոր բացայայտումներ տեղի կ՛ունենան: «Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած լուսանկարները կատարուած են ազատ ոճով, եւ ամէն լուսանկարի համար կան մակագրութիւններ», յայտնեց Եուրի Մեճիտով:
Ձեռնարկին ընթացքին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան լուսանկարիչներ Գերման Աւագեանը եւ Եուրի Մեճիտովը:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարինէ Աղաբալեանը, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Կարէն Միրզոյեանը, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Սլաւա Ասրեանը, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, պատգամաւորներ, Շուշիի քաղաքապետը եւ այլ հիւրեր: