Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ Համալսարանի «Սինէ Սենթըր» սրահին մէջ Նիկոսիոյ հայութիւնը առիթը ունեցաւ դիտելու «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմը, որուն նիւթը հիւսիսային Եւրոպայէն հինգ միսիոնար կիներու կեանքն էր:
Այդ հինգ կիներն էին՝ դանիացի Մարիա Եաքոպսըն եւ Քարէն Եփփէ, նորվէկիացի Պոտիլ Պիոռն, շուէտացի Ալմա Եոհանսըն, եւ էսթոնացի Հետուիկ Պիւլ: Հինգ սուրբեր, որոնք իրենց հանգիստ ու բարօր կեանքը թողած, եւ Աստուծոյ ու իրենց խղճի ձայնին ունկնդիր՝ փութացած էին դէպի Արեւմտահայաստան ու Կիլիկիա, հիմնելու համար որբանոցներ: Անոնք ականատեսներն ու կենդանի վկաները եղան հայկական կոտորածներուն ու ցեղասպանութեան: Այդ հինգ անձնուէր կիները, որոնք հայ որբերու բանակին կողմէ «Մամա» անունով մկրտուած էին, Թուրքիայէն վտարուելէ ետք վերադարձած էին Միջին Արեւելք ու դարձեալ հիմնած որբանոցներ ու պատսպարաններ, շարունակելով արհաւիրքէն մազապուրծ հայ որբերու փրկութեան գործը:
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի կազմակերպած այս ձեռնարկէն, որուն ներկայ էր նաեւ յատկապէս հրաւիրուած ֆիլմի արտադրիչը՝ Մանուէլ Սարբէկեան, ներկաները մեկնեցան խորապէս տպաւորուած, թէ՛ ֆիլմի նիւթէն եւ թէ անոր բարձրարուեստ որակէն, զոր կարելի էր բաղդատել եւրոպական արդի ֆիլմերու լաւագոյններուն հետ:
Ցուցադրութենէն առաջ իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ Մանուէլ Սարիբէկեան բացատրութիւններ տուաւ այն դժուար պայմաններուն մասին, որոնց տակ արտադրուած էր ժապաւէնը: Ան ըսաւ, որ ֆիլմը կարելի էր դիտել ութ տարբեր լեզուներու տարբերակներով, որոնց վրայ շուտով աւելնալու էր նաեւ թրքերէնը:
Վերջաւորութեան, լսելով սրահէն դուրս եկողներուն արտայայտութիւնները, կարելի էր անվարան ըսել, որ «Փրկութեան Քարտէս»ը արժանացած էր ներկաներու անվերապահ գնահատանքին:
«Արձագանգ» ամսաթերթի խմբագիր Արթօ Դաւիթեան ըսաւ, որ ֆիլմի արտադրիչը՝ Մանուէլ Սարիբէկեան արժանի էր ամէն գնահատանքի, նման ֆիլմ մը մէջտեղ բերելուն համար: Ֆիլմ մը, որ բարձրորակ արուեստով՝ օտար շրջանակներուն լաւագոյնս կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւնը: «Կիպրահայեր» կալքէջի արտօնատէր ու խմբագիր Սիմոն Այնէճեան նշեց, որ այս ֆիլմը Հայ Դատի քարոզչութեան ու ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի ազդեցիկ զէնքերէն է եւ անիկա անպայման պիտի ցուցադրենք նաեւ կիպրացի թուրքերուն, երբ թրքերէն լեզուով տարբերակը պատրաստ ըլլայ: Իսկ «Մուֆլոն» գրատան տէր եւ տնօրէն Ռութ Քէշիշեան, իր հիացմունքը յայտնելով նշեց, որ այսպիսի գործերով է որ մեր խօսքը լսելի կը դառնայ, նամանաւանդ երբ ցեղասպանութեան մասին կը խօսին ու կը վկայեն օտար ականատեսները:
Ներկաները շնորհաւորեցին նաեւ Համազգայինի վարչութիւնը, որ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ կը ջանայ գաղութին մէջ կենդանի պահել մշակութային որոշ կեանք, հակառակ օրէ օր բազմացող դժուարութիւններուն: