
Ակսէլ Բակունց (1899-1937)
Ծնած է Գորիս: Նախնական ուսումը առած է ծննդավայրին մէջ, ապա Գէորգեան Ճեմարան, որուն վերջին շրջանաւարտներէն եղած է: 17 տարեկանին, Շուշիի «Փայլակ» թերթին մէջ իր թղթակցութիւններով խստօրէն քննադատած է ծննդավայրին թերի կողմերը: Այս շրջանին իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Լոր գիւղը: Ուսուցիչի փորձառութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքին եւ ապագային ալ իր գրականութեան մէջ: Ճեմարանէն շրջանաւարտ եղած է 1918-ի սկիզբը: Գրականութեան մէջ պաշտօնապէս մուտք գործած է Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ: 1924-ին անդամակցած է Կոմունիստ կուսակցութեան: «Մարտակոչ»ի մէջ հրատարակած իր գաւառական նամականիներու շարքով ցոյց տուած է լրագրողի մեծ ձիրքեր, ինչպէս նաեւ երգիծական շատ մեծ շնորհ, որ առաւելաբար երեւան կու գայ իր ծննդավայրին նուիրուած մենագրութիւններուն մէջ: Յետոյ յաջորդաբար աշխատակցած է խորհրդահայ մամուլին, հրատարակելով պատմուածքներու հատորներ: 1937-38-ի քաղաքական հետապնդումներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ, Բակունցի ալ վիճակուեցաւ շատ մը տաղանդաւոր գրողներու եղերական վախճանը. անոնք գնդակահարուեցան՝ սոսկ իրենց վերագրուած կուսակցական անուղղափառութեան համար: