
Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948)
Ծնած է 1866-ին, Իգտիր աւանին մօտ, Մասիսի ստորոտը։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք կ’անցնի Գէորգեան ճեմարան, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան։ 1898-ին կը մեկնի Եւրոպա։ Լօզանի եւ Փարիզի մէջ կը հետեւի համալսարանական ուսման։ Կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան։ Հինգ տարի ետք կ’անցնի Թիֆլիս, ուր կը խմբագրէ «Մուրճ» հանդէսը, կ’աշխատակցի՝ «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերուն։ Կը ստանձնէ Ներսիսեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ 1909-ին ռուսական կառավարութեան կողմէ կը ձերբակալուի իբրեւ կազմակերպական գործիչ («Դաշնակցութեան դատ») եւ երկու տարի կը բանտարկուի։ Ծանր հիւանդ՝ ժամանակաւոր ազատութիւն կը ստանայ եւ Պոլսոյ վրայով կ’անցնի Եւրոպա: 1917-ին Կովկաս դարձած՝ կ’ընտրուի նախագահ «Հայոց Ազգային Խորհուրդ»ին, որ Կովկասեան ճակատի վրայ կը կազմակերպէ հայոց դիմադրութիւնը: 1918-ին, երբ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը կը ստեղծուի, Ահարոնեան կ’ընտրուի խորհրդարանի նախագահ, ապա իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ՝ կ’երթայ Պոլիս թուրք կառավարութեան հետ բանակցելու եւ 1920-ին կը ստորագէ Սեւրի դաշնագիրը։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, կը հաստատուի Ֆրանսա, ուր կը շարունակէ ազգային-քաղաքական եւ մշակութային-գրական գործունէութիւնը: 1934-ին, Մարսէյի մէջ «Համազգային»ի եւ Ճեմարանին նուիրուած հանդէսի մը ընթացքին բանախօսելու ատեն բեմին վրայ կաթուածահար կ’ըլլայ եւ ամբողջ 14 տարի հիւանդ կը մնայ, անկարող խօսելու եւ գրելու: Կը մահանայ 1948-ին եւ կը թաղուի Փարիզի Փէր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ: Իր գործերէն են. «Ազատութեան ճանապարհին» պատմուածքներու շարքը, «Մրրիկի սուրբը», «Արազը», «Ղեղոյի արտը», «Ճամբորդը», «Կաթուշկը», «Լռութիւնը» (վէպ), «Արցունքի հովիտը», «Ոսկի հեքիաթ» (թատերակ), «Քրիստափոր Միքայէլեան», «Իմ գիրքը», «Իտալիայում», եւայլն: