
Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967)
Ծնած է Ռոտոսթօ, 1885-ին։ Յաճախած է Պուքրէշի երաժշտանոցը։ 1908-ին կ՚անցնի Պոլիս, ուր կը հիմնէ «Քնար» նուագախումբը։ Կը ծանօթանայ Կոմիտաս վարդապետին ու կ՚աշակերտէ անոր 1913-էն 1915, դառնալով անոր վեց սաներէն մէկը։ Զինադադարին, Գէորգ Կառվարենցի հետ կը յօրինէ «Յառաջ Նահատակ»ը։ Կը կազմակերպէ համերգներ Հալէպի եւ Ատանայի մէջ։ Կը վերադառնայ Պոլիս, ուր 1919-էն 1920 կը գոյանայ «Կոմիտասեան Սաներու Հիմնադրամ»ը, որպէսզի Փարիզ մեկնելով անոնք կարենան կատարելագործել իրենց արուեստը։ 1921-ին Կանաչեան կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման։ Ապա երաժշտութեան ուսուցչի եւ խմբավարի պաշտօններ կը ստանձնէ գաղութներու մէջ։ 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Կանաչեան երկար տարիներ երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Կը մահանայ Պէյրութի մէջ 1967-ին։ Իր անունով կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը։