
Գառնիկ Բանեան (1910-1989)
Ծնած է 1910-ին, Կիւրին։
Կը պատկանի այն սերունդին, որ կը կոչուի «Որբերու սերունդ»։ Մինչեւ պատանեկան տարիքը «կը ճաշակէ» որբանոցի դառնութիւնները, մասնաւորաբար առաջին շրջանին, երբ կը մնայ Այնթուրայի, ապա, Ժպէյլի որբանոցը։
Ուսման երազով տարուած՝ 1930-ին կը դառնայ նորաբաց Հայ Ճեմարանին նախապատրաստական դասարանի 15 աշակերտներէն մէկը։ 1935-ին մաս կը կազմէ Ճեմարանի առաջին հունձքին։ Շուտով Ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ աշխատանքի կը հրաւիրուի։ Կը դասաւանդէ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն։ 1951-52 տարեշրջանին՝ տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին կը գործէ իբրեւ վարչական գործերու օգնական։ Այս պաշտօնը հաւատարմօրէն կը վարէ մինչեւ իր մահը։
«Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան» հիմնադիր եւ առաջին վարչական անդամներէն է։ Ան միութեան հրատարակչական, դասախօսական եւ խմբագրական գործերուն խթան կը հանդիսանայ։
1944-ին իր անձնական ճիգերով լոյս կ՛ընծայէ «Ակօս» երկամսեակի առաջին թիւը։ Եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Մաս կազմած է Ազգային Իշխանութեան քաղաքական եւ ուսումնական մարմիններուն։ Ընտրուած է Ազգային երեսփոխան։
Մահացած է 23 Յուլիս, 1989-ին։