
Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915)
Ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղին մէջ 1861-ին: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր թաղի «Մաքրուհեաց» եւ Օրթագիւղի «Թարգմանչաց» վարժարաններուն մէջ։Բարձրագոյն ուսումը ստացած է ԿալաթաՍարայի պետական երկրաչափական հիմնարկին մէջ, որմէ 1879-ին վկայուած է իբրեւ երկրաչափ։
1880-ին կը յաճախէ Իրաւագիտութեան համալսարանը։ Երեք տարի ետք իրաւաբանի վկայականին արժանանալէ ետք,1883-էն սկսեալ կեանքի ասպարէզ կ’ընտրէ փաստաբանութիւնը՝ միաժամանակ նուիրուելով գրական-հրապարակագրական (Կ’աշխատակցի «Մասիս»-ին, «Արեւելք»-ին եւ «Հայրենիք»-ին) ու ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան՝ անդամակցելով ազգային մարմիններու, ապա 1908-ին՝ Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք ընտրուելով Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան: Եղած է նաեւ պետական համալսարանի նշանաւոր դասախօս:
1886-ին լոյս տեսած «Անհետացած սերունդ մը» վիպակէն սկսեալ, Զօհրապ իր պարզ, պատկերաւոր ու գեղեցիկ հայերէնով, իր գիտական, խոհուն եւ նրբազգաց լեզուա-մտածողութեամբ ու, մանաւա՛նդ, իր գեղարուեստական գրական բարձրորակ ու բծախնդիր ճաշակով կը գրաւէ հայ ընթերցողն ու գրականագէտ մտաւորականութիւնը։ «Խղճմտանքի ձայներ» (1909), «Լուռ ցաւեր» (1911) ու «Կեանքը ինչպէս որ է» (1911) առանձին հատորներու մէջ հաւաքուած իր պատմուածքները մնայուն հարստութիւնը կը կազմեն հայ գրականութեան։
Նորավէպի Իշխան եւ Հայ Ժողովուրդի Դատապաշտպան Գրիգոր Զօհրապ զոհ գացած է 1915-ի ցեղասպանութեան: