
Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան) (1860 – 1915)
Ծնած է Խարբերդի մօտ, Թիլ-կաթին գիւղը (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կրթութիւնը ստացած է Խարբերդի ազգային վարժարանին մէջ։
Հազիւ աւարտած՝ շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա կը վերադառնայ Խարբերդ եւ կը հիմնէ իր դպրոցը՝ Կեդրոնական Վարժարանը:
Հայերէն լեզուի դասերուն Թլկատինցի աշակերտներուն կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Նոյն ատեն կը նուիրուի գրական աշխատանքներու՝ Պոլսոյ թերթերուն մէջ թղթակցութիւններ եւ քրոնիկներ ստորագրելով:
Կը նահատակուի 1915-ին, Խարբերդի մօտ, Ծովք լիճի ափերուն։
Թլկատինցիի գործերէն են՝ հայկական գաւառէն բազմազան երեւոյթներ, դէպքեր եւ դէմքեր ներկայացնող քրոնիկները, «Մութ Անկիւններէ» կամ «Կնամա՞րտ Թէ Ցլամարտ» վէպը, պատմուածքներ՝ «Ես պարտքս կատարեցի», «Գաւաթ մը միայն»: Ունի նաեւ աշուղական ոճով գրուած 5-6 բանաստեղծութիւններ եւ թատրերգութիւններ: