
Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935)
Ծնած է 1869-ին, Փոքր Ասիոյ Կուտինա կամ Քէօթահիա քաղաքին մէջ: Մէկ տարեկանին կը կորսնցնէ մայրը, 1880-ին նաեւ հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեանը: 1880-ին կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան վարժարանը, որուն լսարանական բաժինը կ°աւարտէ 1893-ին: 1895-ին վարդապետ կը ձեռնադրուի: 1896-ին կ°երթայ Պերլին՝ կատարելագործելու իր երաժշտական ուսումը: Երաժշտագէտ Ռիխարտ Շմիթի կ°աշակերտէ ուղիղ երեք տարի, միաժամանակ հետեւելով համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: 1899-ին, Էջմիածին վերադառնալով, կը նշանակուի Մայր Աթոռի երաժշտապետ եւ երգեցիկ խումբի ղեկավար: Տարիներ շարունակ՝ Կոմիտաս Վարդապետ մասնագիտական հմտութեամբ կը ձայնագրէ, կ°ուսումնասիրէ, կը վերլուծէ, բազմաձայնի կը վերածէ հայ ժողովրդական եւ եկեղեցական երգերը, կը շրջի Կովկասի եւ Եւրոպայի մեծ կեդրոնները, ուր համերգներ կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ դասախօսութիւններ հայ երաժշտութեան եւ երգին մասին: 1909-ին կ°անցնի Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ 1915 եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, Մեծ եղեռնը վերջ կու տայ Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին: Հայ ժողովուրդին տառապանքն ու սպանդը կ°ազդեն իր հոգիին ու մտքին վրայ: Կոմիտաս կը կորսնցնէ իր մտքի հաւասարակշռութիւնը:1919-էն մինչեւ իր մահը Կոմիտաս կը մնայ Փարիզ, հոգեբուժական հիւանդանոցի մէջ: Կը մահանայ 1935-ին: 1936-ին աճիւնները կը փոխադրուին Երեւան եւ բացառիկ շուքով կը թաղուին «Կոմիտասի Այգի» հանրային պարտէզի բացօթեայ պանթէոնին մէջ: