
Հանրի Վերնէօյ (Աշոտ Մալաքեան) (1920-2002)
Հանրի Վերնէօյ (բուն անունով՝ Աշոտ Մալաքեան) ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Ռոտոսթոյի մէջ (Թուրքիա)։ Հայկական ցեղասպանութենէն ճողոպրելէ ետք, 1924-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Մարսէյ։ Կարճ շրջան մը իբրեւ լրագրող աշխատելէ ետք, 1947-ին Հանրի Վերնէօյ նուիրուեցաւ շարժապատկերի աշխարհին, 45 տարիներու ընթացքին բեմադրելով աւելի քան 30 ժապաւէններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներն են՝ «Մեղեդի ընդյատակին», «Սիկիլիացիներու ընտանիքը», «Կովը եւ բանտարկեալը», «Մայրիկ» եւ ուրիշներ։ Իր երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին Հանրի Վերնէօյ գործակցած է Ժան Կուպէնի, Ալէն Տըլոնի, Ժան-Փօլ Պելմոնտոյի, Լինօ Վենթուրայի եւ նշանաւոր այլ դէմքերու հետ։ Իր գործերուն ամբողջութեան համար Հանրի Վերնէօյ 1992-ին արժանացած է Ֆրանսական Ակադեմիայի մեծ մրցանակին, իսկ 1996-ին՝ պատուոյ «Սեզար» մրցանակին։ Հայազգի նշանաւոր բեմադրիչը կը մահանայ 11 Յունուար 2002-ին, Փարիզ։