
Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) (1859-1915)
Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ. 1870-ին,տասնմէկ տարեկանին կը մեկնի Պոլիս,կը յաճախէ Սկիւտարի ճեմարանը, յետոյ՝ Սուրբ Խաչ վարժարանը: 1878-ին կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ եւ կը պաշտօնավարէ բազմաթիւ վարժարաններու մէջ: Միեւնոյն ատեն կը սկսի աշխատակցիլ պոլսահայ թերթերու «Հրանդ» ծածկանունով՝ գաւառի կեանքն ու ցաւերը արտացոլելով գրականութեան մէջ:
1896-ին կ’անցնի Վառնա (Պուլկարիա) եւ հոն կը հիմնէ վարժարան մը՝ գաղթական հայ մանուկներուն համար: Երկու տարի ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր անմիջապէս կը ձերբակալուի եւ 6 ամիս բանտարկուելէ ետք կ’աքսորուի Գասթեմունի (Սեւ Ծովու շրջան): Մօտ տասը տարի աքսորի մէջ ապրելէ ետք, 1908-ի սահմանադրութենէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր ուսուցչական ասպարէզ կը մտնէ նորէն: 1910-ին իբրեւ կաթողիկոսական պատուիրակ կ’երթայ Էջմիածին: 1915-ին, Ապրիլ 21-ին կը ձերբակալուի պոլսահայ ծանօթ մտաւորականներու հետ ու կը նահատակուի:
Գլխաւոր երկերն են՝ « Նամակներ Պանդուխտի կեանքէն »,«Պատմուածքներ», «Շինականի նամակներ», «Մեսրոպ եւ Սահակ», Թարգմանութիւններ: