
Սեպուհ Աբգարեան (1930-2014)
Խմբավար (Մայեսթրօ) Սեպուհ Աբգարեան ծնած է Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը աւարտելէ ետք ան իր ուսումնառութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ: Դասաւանդած է Մելգոնեան վարժարանին մէջ եւ ղեկավարած՝ վարժարանին երգչախումբը: Ան 50 տարիներ շարունակ եղած է յօրինող, գեղանկարիչ եւ կրթական մշակ: Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանին մէջ եղած է հայկական ռատիոժամի հիմնադիրը: Այդ ռատիոժամին ընդմէջէն ան 46 տարի շարունակ ներկայացուցած է տարբեր յայտագիրներ: Իբրեւ օփերայի երգիչ ան ելոյթներ ունեցած է Նիկոսիոյ, Աթէնքի, Պէյրութի, Հալէպի, Գահիրէի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Ան յօրինած է բազմաթիւ երգեր եւ սիմֆոնիք երաժշտական կտորներ: Վերջին տասնամեակին ան ղեկավարած է ԳՈՀԱՐ համոյթը: Կը մահանայ 5 Օգոստոս 2014-ին Նիկոսիոյ մէջ: