Գէորգ (Ճորճ)Աբէլեան (1941-2011)
Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի` Քեսապի եւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Հայկազեան համալսարանէն: Շուրջ 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ, ապա հիմնած է իր հաստատութիւնը` «ՍԱՎԱ» եւ զբաղած գրենական պիտոյքներու առեւտուրով, Այնճարի մէջ: Մասնակցութիւն բերած է կուսակցական, եկեղեցական եւ յատկապէս մշակութային մարզերուն: Տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան մէջ, անդամակցած է Համազգային մշակութային միութեան, նաեւ` Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան: Աշակերտական տարիքէն իսկ գրելու հակումներ ցուցաբերած է: Աշխատակցած է Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, «Բագին» գրական ամսագիրին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Պատանեկան Արձագանգ»-ին եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացածներու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է` այս բոլորը ամփոփելով զոյգ հատորներու մէջ: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով «Պէյրութ», «Նետենք-բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն):