Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան
Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս. ներկայիս Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ համահետազօտող: Ան հեղինակն է Հայ Դատի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքերու, դասագիրքերու եւ հետազօտական յօդուածներու: Իր գլխաւոր գործերուն շարքին են «Աղէտին հանդէպ գրական հակազդեցութիւններ. համեմատութիւն հայկական եւ հրէական փորձառութիւններուն» (1993), եւ հայերէն լեզուով «Հայաստանը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Պոլշեւիկներու յարաբերութեան շրջագիծին մէջ. 1917-1921» (1997), (թարգմանուած եւ հրատարակուած ռուսերէնով,) «Հայ Դատ»՝ 10-12-րդ դասարանի աշակերտներու համար դասագիրքերու շարքը, ինչպէս նաեւ՝ «Հայ Դատի պատմութեան» ամբողջական դասագիրքեր՝ նախատեսուած Հայաստանի երկրորդական վարժարաններու համար (2000): «Եւ անոնք, որոնք շարունակեցին ապրիլ Թուրքիոյ մէջ 1915-էն ետք»ը (2008) անոր ամենավերջին հրատարակութիւնն է: Ան ունեցած է դասախօսական լայն ասպարէզ եւ մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու: Ան իր ասպարէզին ընթացքին կատարած իրագործումներուն համար արժանացած է Հայկական Կրթական Ֆոնտի մրցանակին, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհած Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին: