
Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան) (1897-1937)
Ծնած է Կարս, 13 Մարտ, 1897-ին։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Կարսի մէջ։ 18 տարեկանին (1915), մաս կը կազմէ հայ կամաւորական գունդերուն։ Ապա կը մեկնի Մոսկուա՝ ուսանելու։ 1919-ին կը վերադառնայ Երեւան, ուր կը մնայ այնուհետեւ։ Բացառիկ տաղանդով, ուժականութեամբ, խոյանքով եւ ինքնատպութեամբ լեցուն բանաստեղծ է Չարենցը։ Ոչ միայն հայ, այլեւ ամբողջ խորհրդային բանաստեղծութեան մեծագոյն դէմքերէն է ան։ Իր գլխաւոր գործերն են՝ «Տանթէեական առասպել»ը, «Երկիր Նայիրի» վէպը, «Էպիկական լուսաբաց»ը եւ «Գիրք Ճանապարհի»ն։ Վերջինի հրատարութենէն ետք կ՚ամբաստանուի իբրեւ ազգայնական եւ դաշնակցական։ 1936-ին կը ձերբակալուի։ Կը մահանայ Երեւանի բանտային հիւանդանոցին մէջ, 1937-ին։