Կալիա Նովենց (1937-2012)
Ծնած է 1937-ին, Երեւան։ Իր ստեղծագործական կենսագրութիւնը սկսած է 1958-ին` աւարտելով Երեւանի պետական թատերական ուսումնարանի դերասանական բաժանմունքը եւ աշխատանքի անցնելով Կապանի պետական թատրոնին մէջ: Այնուհետեւ երկար տարիներ ան աշխատած է Սունդուկեանի անուան ակադեմիական, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան, Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան, Սօս Սարգսեանի գլխաւորած «Համազգային» թատրոններուն մէջ: Կեանքի վերջին տարիներուն ան Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնի դերասանուհի էր: Հայ թատրոնի եւ շարժանկարի նշանաւոր վարպետ Կալիա Նովենց հայկական շարժանկար բերաւ հայ կնոջ կերպարը, անոր տառապանքներն ու լուռ հեծեծանքները։ Աւելի քան 50 դեր թատրոնի մէջ, ռատիոբեմադրութիւններու մէջ, հարիւրէ աւելի կրկնօրինակումներ, բայց այս բոլորին կողքին դերասանուհիին մեծագոյն ներկայութիւնը շարժանկարի մէջ էր, ուր ան նկարահանուեցաւ «Բարեւ, ես եմ», «Մենք ենք, մեր սարերը», «Այս խաչմերուկում», «Հին օրերի երգը», «Նահապետ», «Մեր մանկութեան տանգոն» , «Գիքորը» , «Սպիտակ անուրջներ» , «Կտոր մը երկինք», մօտ երեք տասնեակ շարժանկարներու մէջ: Արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ պարգեւներու, եղած է ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր եւ միջազգային շարժանկարի փառատօներու մրցանակակիր։