
Հայկ Արսլանեան (1927-2011)
Ծնած է Հալէպ 29 Մարտ, 1927-ին, արմատները՝ Այնթապէն։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1946-ին կը նետուի գործի ասպարէզ իր եղբօր՝ Մելանքթոնի հետ հիւսուածեղէնի գործարանի մէջ, հանդիսանալով նաեւ բաժնետէր։ 1948-ին, ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան։ 1951-ին Հայկը կը մեկնի Արեւմտեան Ափրիկէ։ 1952-ին իր եղբօր հետ միասին կը հիմնեն ադամանդի եւ ոսկերչական ընկերութիւն մը։ 27 տարեկանին ան իր աշխուժ գործունէութեան շնորհիւ մեծ ճանաչում կը գտնէ զանազան երկիրներու մէջ եւ ադամանդի առք ու վաճառքի աննախադէպ իրաւունք կը ստանայ։ 1958-ին կ´ամուսնանայ Շաքէի հետ եւ կ´ունենան չորս զաւակներ՝ Արմէն, Շահէ, Վիգէն եւ Սանտրա։ 1962-ին Արսլանեան եղբայրները Պելճիքայի Անտվերպըն քաղաքին մէջ կը հիմնեն «Արսլանեան Եղբայրներ» ընկերութիւնը, որ կ՛ունենայ իր գրասենեակները եւ գործարանները Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի, Աւստրալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Հայկ Արսլանեան սերտ յարաբերութիւն ունենալով կարգ մը ափրիկեան երկիրներու հետ, կ՛օժանդակէ այդ երկիրներու զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ 1992-ին, Հայաստանի մէջ կը հիմնէ «Լոռի» գործարանը։ Մեծ է իր եւ զաւկին՝ Շահէ Արսլանեանի դերը Հայաստանի ադամանդագործութեան վերականգնման մէջ։ «Լոռի» գործարանը յաջողութեամբ կ´աշխատի եւ անոր շնորհիւ է որ Հայաստանը այսօր կը ճանչցուի իբրեւ ադամանդագործութեան միջազգային կեդրոն։ 1994 թուականէն սկսեալ կը հանդիսանայ Պատուոյ հիւպատոս Պելճիքայի թագաւորութեան մօտ։ 1999-էն մինչեւ 2006 թուականները եղած է հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ։ Սփիւռքն ու Հայաստանը Հայկ Արսլանեանը կը ճանչնան իբրեւ մեծ բարերար։ Անոր բարերարութիւններուն շնորհիւ կառուցուած են շարք մը դպրոցներ եւ եկեղեցիներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով։ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով։