Դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան
Հանրածանօթ դերասանուհի,բեմադրիչ, հեղինակաւոր հրապարակագիր, բանաստեղծ, իր տեսակին մէջ եզակի մենաթատրոնի արուեստի հիմնադիր Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանը, աշխարհի տարբեր երկիրներու ՝ Ամերիկայի, Գանատայի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, բոլոր հայահոծ գաղութներու բեմերուն վրայ իր իւրայատուկ բարձր արուեստով դարձած է հայ մշակոյթի մեկնաբանն ու հայ արուեստի պատգամախօսը: Մարի Ռոզը առաջին դերասանուհին է, որ հայ բեմ բարձրացուց մէկ դերասանուհիի կատարումը, միաժամանակ հեղինակ-մեկնաբան, բեմադրիչն ու կատարողը ըլլալով իր ներկայացուցած գործերուն: Անձամբ կը գրէ ու կը մշակէ իր բոլոր ներկայացումները, երաժշտական ձեւաւորումը, անձամբ ալ կը ներկայացնէ իր ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ` «Այս Երեկոյ Վ. Տէրեանի հետ», «Կարսից Տրոյա», «Մոռանա՞լ Եղեռնը», «Տատրագոմի Հարսը», «Կոստան Զարեան», «Խենթը», «Ծակ Պտուկը», «Անլռելի Զանգակատուն», «Եւ Այդ Թուին էր», «Ժամադրութիւն սիրոյ հետ», «Սեւակի Մեծ Սէրը» եւ այլ ներկայացումներ: Առաջին եւ միակ դերասանուհին է, որ միայնակ 21 տարբեր դերերով 1987-ին ներկայացուց Ֆ. Վերֆելի հռչակաւոր՝ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպը: Դերասանուհին իր բարեսիրական ելոյթներով կ՚օժանդակէ Համազգայինի, ՀՕՄ-ի, Հայ Դատի բարգաւաճմանը: Մարի Ռոզը իր թատերական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Ինստիտուտին մէջ, եղած է «Արշալոյս» նորարական Թատրոնի հիմնադիրներէն: Այնուհետեւ երկար տարիներ աշխատած է Երեւանի Տրամադիկական, այժմեան՝ Ղափլանեանի անուան Թատրոնին մէջ, բազմաթիւ դերեր ստանձնած հեռուստատեսային եւ ռատիոյի գրական-թատերական հաղորդումներու մէջ, նկարահանուած Հայֆիլմի մէջ: 1983-էն ան կ՚ապրի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ (ԱՄՆ), ուր եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սփիւռքի թատերական կեանքի աշխուժացման: