Մերուժան Խաչատրեան
Մերուժան Խաչատրեան ծնած է Երեւան, 26 Փետրուար 1980-ին: Նախքան իր արուեստագէտի տաղանդը զարգացնելը, ծառայած է հայկական բանակին մէջ 1998-2000 տարեշրջաններուն: Ապա, յաճախած եւ աւարտած է Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղանկարչական բաժինը: Անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան: Հայկական ոճով՝ իր գեղանկարները ցուցադրուած են աւելի քան 20 ցուցասրահներու մէջ` Հայաստանի, Ռուսաստանի, Դանիայի (Տէնմարք), Սուրիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի մէջ, անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու ընթացքին, արժանանալով արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու բարձր գնահատանքին: Ուժեղ երեւակայութեամբ, նուրբ ճաշակով եւ արուեստագէտի յատուկ բծախնդրութեամբ օժտուած գեղանկարիչը ընդհանրապէս նկարած է հայ ժողովուրդի բնաշխարհին, մշակոյթին եւ ազատագրական պայքարին հետ առնչուող բազմաթիւ իրեր եւ դէմքեր. ունի նաեւ վերացական գործեր: Իր հաւաքածոներէն են՝ «Հայ քարեր», «Անկախութիւն», «Սայաթ Նովա», շարքերը: