Մովսէս Պչաքճեան
Ծնած է Հալէպ, 1940-ին: 1976-էն ի վեր կ՚ապրի Փարիզ: 1990-ին անոր «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» վէպը արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին: 1981-ին «L’Imprevu» («Անկանխատեսելին») պատմուածքը կը ճանչցուի իբրեւ Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի տարուան լաւագոյն արձակ ստեղծագործութիւն: 2009-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով Մ. Պչաքճեանը կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ 2010-ին` Հայ Գրողներու Միութեան կողմէ «Գրական վաստակի համար» մետալով: Մ. Պչաքճեանի հրատարակած գիրքերն են. «Անկարելի կարելին» (1973), «Բարեւ Հայաստան» (1975), «Կեռասի ժամանակէն վերջ եւ առաջ» (1983), «Լուացք փռուած տանիքի վրայ» (1987), «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» (1990), «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» (1993), «Անկատար վերծանումներ» (1997), «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» (բանաստեղծութիւն, 2001), «Աշխարհահայեաց պատուհան» (2002), «Անցողիկը եւ անժամանցելին» (2005), «Վարագոյրը իջնելէ առաջ»-«Խմելով քաղաքը» (2009)։