Պերճ Զէյթունցեան (1938-2017)
Արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան ծնած է 1938-ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Ան 1948-ի հայրենադարձողներէն էր: Աւարտած է Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1963-ին՝ Փիդիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած է Մոսկուայի բարձրագոյն բեմագրութեան դասընթացքներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիրը, ապա, 1965-1975՝ հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիրը։ Աւելի ուշ՝ 1975-1986, ան վարած է Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարի պաշտօնը: Եղած է Հայաստանի մշակոյթի առաջին նախարարը՝ 1991-1992:
Պերճ Զէյթունցեանի առաջին գիրքը տպագրուած է 1956-ին:
Հեղինակ է 12 թատերախաղերու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներու, ներառեալ՝ ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի:
Զէյթունցեան պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր եղած էր, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Տիբերինա» ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ: 2007-ին, Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանը: Ան արժանացած է նաեւ «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:
2013-ին Հայաստանի վարչապետին որոշումով, Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած է Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով: 2016–ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25 ամեակին առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով: