Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915)
Ծնած է 1874-ին, Տիգրանակերտի Սեւերեկ գաւառին մէջ. երկու տարեկանին փոխադրուած է Խարբերդ եւ նախակրթութիւնը ստացած Խարբերդի Ազգային վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Թլկատինցիի դպրոցը:
18 տարեկանին կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ եւ մօտ տասը տարի կրթական գործով կը զբաղի: Նախ կը դասաւանդէ Թլկատինցիի դպրոցը, ապա մօտ 3 տարի՝ ֆրանսացի կրօնաւորներու վարժարանին մէջ: 1903-ին քանի մը ուրիշ ուսուցիչներու հետ կը ձերբակալուի թուրք կառավարութեան կողմէ եւ կը բանտարկուի: Ազատ արձակուելով կը ստիպուի ապաստանիլ Պուլկարիա իւ հաստատուիլ Ֆիլիպէ քաղաքը, ուր կը հիմնէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը (1906):
1908-ին կը փոխադրուի Պոլիս, ուր տարի մը ետք կը հրատարակուի «Ազատամարտ» մեծ օրաթերթը, որուն խմբագրապետ կը դառնայ Զարդարեան: Նոյն ատեն իբրեւ այցելու ուսուցիչ դասեր կու տայ Կեդրոնական վարժարանին մէջ:
Ռուբէն Զարդարեան եղած է գաւառի գրականութեան ամէնէն փայլուն եւ արուեստագէտ խառնուածքի տէր դէմքերէն մէկը: Գեղապաշտ եւ վերջին ծայր բծախնդիր մշակող մը եղած է ան, արեւմտահայ աշխարհաբարի վարպետներէն մէկը նոյն ատեն, որ լեզուի եւ ոճի խնամքը հասցուցած է նրբութեան բարձր աստիճանի մը:
Զարդարեան եղած է նաեւ խիզախ հրապարակագիր եւ անձնուէր ազգային գործիչ մը: Գործածած կեղծանուններն են՝ Էժտահար, Աչք Եհովայի, եւայլն:
Զարդարեանի գործերէն են. «Ցայգալոյս» հաւաքածոն (1910), որ 1912-ին ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած է Փարիզի մէջ, «Եօթը երգիչները» (1911), «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ» (1913)..: Զարդարեան գրած է չափածոյ ու արձակ բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր («Սեւ հաւը կանչեց», «Նահանջ», «Ապրելու համար», «Տան սէրը», «Սարերու տղան», «Զղջումը»), հեքիաթներ, գրականագիտական յօդուածներ:
Ամուսնացած էր եւ զաւակներու տէր, երբ 41 տարեկանին զոհ գնաց 1915-ի ցեղասպանութեան: